2015-03-12 14:56:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Քորէացի հասարակութեան հետ հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 12 մարտ 2015-ի առաւօտեան­­, Ֆրանչսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց` առաքելական դեսպաններ` գերապայծառ Ճիրոլամօ Բրիճոնէ եւ գերապայծառ Անտրէս Քարրասքոզա Քոզօն, ու ապա Քորէայի եպիսկոպոսանան համահաւաք դասի անդամները` հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։

Ժամը 12-ին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի Վերին Ատեանի կազմակերպած դասընթացքի 600 մասնակցողներուն։ Հուսկ  յետմիջօրէի ժամը 6-ին, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ ` Նորին Սրբութիւնը հանդիպուեցաւ Քորէացի հասարակութեան  անդամներուն որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին ` Քորէացի եպիսկոպոսներուն մատուցած գոհաբանական աղօթքին, անցեալ օգոստոսին Քահանայապետի կողմէ երանելի հռչակուած քորէացի մարտիրոսներուն համար։

Սուրբ Զոհին մասնակցողներուն շարքին կային 26 եպիսկոպոսներ 130 քահանաներ, 100 մաքրապետներ եւ 120 աշխարհականներէ կազմուած պատուիրակութեան անդամներ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.